2015-03-27 10:02:00

Շուէտ` համամիութենական աղօթք հալածուած քրիստոնեաներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Շուէտի քրիստոնեայ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար` Karin Wiborn, խնդրած է որ 29 Մարտ 2015-ին, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Շուէտի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ աղօթք կատարել հալածուած բոլոր քրիստոնեաներուն համար։

''Մտահոգ ու անձկութեան մէջ ենք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն կրած հալածանքին ի տես'' ըսաւ Ուիպորն  ընդգծելով որ աղօթքը հզօր ոյժ մըն է որ կարող է բարեփոխել անոնց կեանքը։ ''Վստահ եմ թէ եթէ ամէնքս նոյն օրը մեր աղօթքը բարձրացնենք ամենակալ Տիրոջ, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն կացութիւնը պիտի բարեփոխուի'' նշած է Karin Wiborn։ Յայտնենք թէ  Շուէտի քրիստոնեաներու խորհուրդը կոչ ուղղած է  նաեւ քաղաքական  մարդոց որպէսզի իրենց կարգին կարելին ընեն  պաշտպանելու այդ աշխարհամասի քրիստոնեաները ու երաշխաւորեն բոլոր քաղաքացիներուն արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.